
Աւելի քան մէկ ամիս անցած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներէն, որոնցմէ զգալիօրէն տուժած Հաթայ քաղաքը գրեթէ վերածուած է անմարդաբնակ վայրի: Քաղաքի բնակիչներուն մեծ մասը, տեղափոխուելով գիւղական բնակավայրեր, կը փորձեն բուժել իրենց վէրքերը։ Երկրաշարժի առաջին օրը ժողովուրդը միայնակ ձգած թրքական կառավարութեան հանդէպ արձագանգը չի հանդարտիր: Մարդիկ փլատակներու տակ մահուան դատապարտած կառավարութիւնը հիմա ալ գաղթի ճանապարհներ կը պարտադրէ ժողովուրդին՝ չտրամադրելով մարդասիրական օգնութիւն։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, քաղաքին մէջ մնացած տասնեակ հազարաւորները կարծես վճռական են չլքելու իրենց բնակավայրը։
Թրքական կառավարութեան եւ անոր ենթակայ հաստատութիւններուն՝ «Անցած ըլլայ Թուրքիա» եւ «Միասին պիտի բուժենք մեր վէրքերը» ուղերձները պարզապէս դատարկ խօսքեր են Հաթայցիներուն համար, որովհետեւ բոլորին յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ այն փաստը, որ պետութիւնն առաջին օրերուն մինակ ձգած է ժողովուրդը։
Հաթայի մէջ տակաւին կը շարունակուին մաքրութեան, ջուրի եւ ծառայողական ոլորտի բոլոր խնդիրները։ Քաղաքի որոշ կէտերուն մէջ կան շարժական բաղնիքներ, որոնք տեղադրուած են Կ. Պոլսոյ եւ այլ քաղաքապետարաններու կողմէ, սակայն անոնք անբաւարար են: Քաղաքին մէջ, ուր կը շարունակուին աղբահանման աշխատանքները, անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներ չձեռնարկելու հետեւանքով կ’աճի համաճարակներիւ եւ կտաւաքարի պատճառով առողջութեան սպառնացող վտանգը։
Քաղաքացիներուն խօսքով, երկրաշարժէն ետք կառավարութեան կողմէ տրուած օգնութիւնը նոյնպէս անբաւարար է: «Երկրաշարժէն մէկ ամիսէն աւելի անցած է, իսկ ես 3 օր առաջ վրան գնած եմ։ Այս կառավարութիւնը տարիներ շարունակ մեզմէ հարկեր գանձած է, բայց այս ծանր պահուն կամաւորներէն բացի ոչ ոք եկած է մեզի օգնելու։ Այս ի՞նչ պետութիւն է, որ մեզմէ հարկեր գանձելով՝ մեզ վրաններ կը վաճառէ»,- կը հարցնէ քաղաքացիներէն մէկը:
Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը աղէտաբեր երկրաշարժէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ օրս կը զբաղի անօթեւան մնացած իր քաղաքացիներու ճակատագիրով եւ ինչպէս քանիցս արդէն յայտնած ենք մեր պետական հեռուստակայանէն, կը շակունակէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել անոնց եւ կը հորդորէ բնիկ ժողովուրդին չլքել սեփական բնակավայրերը: Մենք համոզուած ենք, ու մօտ ապագային Արեւմտեան Հայաստանը բռնազաւթած ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան լքել մեր տարածքները եւ օրինական իշխանութիւնները պետականօրէն պիտի կազմակերպեն աղէտի գոտիի վերականգնման եւ տուժած բնակչութեան բնակարանային ու այլ մարդասիրական հարցերու լուծումը: