Անիի կամուրջի վերականգնումը խորհրդանշական բնոյթ պիտի կրէ. այն պիտի չօգտագործուի ուղեւորափոխադրումներու կամ բեռնափոխադումներու համար, յայտնած է Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան, խօսելով Անիի կամուրջը վերականգնելու յայտարարութեան մասին:

«Նախ մօտեցման երթեւեկութեան ճանապարհներ չկան երկու կողմէն, երկրորդ Արեւմտեան Հայաստանի կողմէ այնտեղ Անի մայրաքաղաքն է, որ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ գրանցուած յուշարձան է, զոր հնարաւոր չէ այլ նպատակներով օգտագործել, նաեւ նպատակայարմար չէ, քանի որ ուրիշ ճանապարհներ կան: Այսինքն եթէ այն վերականգնուի, այդ մէկը խորհրդանշական պիտի ըլլայ, նաեւ կրնայ օգտագործուիլ որպէս այնտեղ յաճախող զբօսաշրջիկներուն համար կամուրջ»,- նշած է ան:

Քորթոշեան նշած է, որ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր Անիի կամուրջը քանդուած է. այն օգտագործուած է, երբ Անի Հայաստանի մայրաքաղաքն էր:

Նշենք, որ Անիի կամուրջը կառուցուած է 10-11-րդ դարերուն, Ախուրեան գետին վրայ:

Հարկ կը համարենք նշել, որ այս հարցին շուրջ ձեռք չեն բերուած նախնական պայմանաւորուածութիւններ Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եւ առաւել եւս յստակ չէ, թէ ո՞վ կը  հանդիսանայ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրող կողմը։Չկայ  որեւէ յստակութիւն տարուող շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ, քանի որ կամուրջը հանդիսանալով ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի մշակութային արժէքներու պահպանման ցանկին մէջ գտնուող կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը, անոր շինարարութիւնը եւս պէտք է իրականացուի կանոններուն համապատասխան, չխախտելով նախնական հայկական ճարտարապետական ուղղուածութիւնը։