Կրզէն գիւղը կը գտնուի Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ բռնազաւթուած Թովուզ (Տաւուշ) շրջանին մէջ։ Հին ժամանակ գիւղը գտնուած է ներկայ վայրէն 1քմ արեւելք՝ Կուր գետի աջ ափին եւ քանի մը անգամ ենթարկուած է տեղափոխութիւններու։ Գիւղին մերձակայքը պահպանուած հին գիւղատեղիներու առկայութիւնը վերը նշուածին վկայութիւնն է։

1998 թուականին արդէն Արեւմտեան Հայաստանի հայոց հինաւուրց Կրզէնը անուանափոխուած է եւ դարձած Կիւնաշլի։

19րդ դարուն լեզկիներու յաճախ կրկնուող արշաւանքներուն հետեւանքով Կրզէն հարուստ ու բարեշէն բնակավայրէ վերածուած է սակաւամարդ ու աղքատիկ գիւղակի։ Կրզէնի համար առանձնապէս կորստաբեր էր Պուլղատարի գլխաւորած հրոսակախումբի անակնկալ յարձակումը (Շամիլի օրերուն՝ 1797-1871) եկեղեցական տօնակատարութեան պահուն։ Սպանդն ու աւարառութիւնը ուղեկցած էին գերեվարութեամբ։ Տեղահանուածներու մնացորդները սփռուած են Հայաստանի ու Վրաստանի զանազան վայրերը, հաստատուած Գանձակ, հիմնած Գանձակի Սարով եւ Արէշի Խանդակ գիւղերը։

Կրզէնի վերաբերեալ մատենագրական տեղեկութիւններ յայտնի չեն։ Գիւղի պատմութեան՝ հնարաւորինս ամբողջական ուսումնասիրութեան առումով առանձնակի կարեւորութիւն եւ արժէք ունին գերեզմանոցին մէջ պահպանուած տապանագիրերը։

Կրզէն գիւղի տարածքին պահպանուած են գիւղատեղիի, գերեզմանոցի եւ հիմնաւէր եկեղեցւոյ մնացորդներ։