
1919 թուականին Արցախի հայերու 4րդ եւ 5րդ համագումարներու որոշումներով Արցախը հռչակուած էր Հայաստանի անբաժան մաս։ Երիտթուրքերուն հետ սերտ կապեր ունեցող մուսաւաթական իշխանութիւնները եւ անձամբ նահանգապետ նշանակուած Սուլթանով ամբողջութեամբ փոխառած էին հայերը բնաջնջելու երիտթուրքական փորձը։ Արցախի եւ մասնաւորապէս Շուշիի մէջ անոնք կը ձգտէին գրեթէ նոյնութեամբ կրկնել Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան հանգրուանները: Նման գործողութիւններով երիտթուրքերու վարչակարգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իսկ մուսաւաթական իշխանութիւնները՝ Արցախի մէջ կը փորձէին պառակտել հայ բնակչութիւնը՝ զանգուածային կոտորածներու ժամանակ վերջինս զրկելով ինքնակազմակերպուելու եւ ինքնապաշտպանուելու հնարաւորութենէ։ Մարտի 20ին Սուլթանով երեք օր կու տայ հայերուն զէնքը յանձնելու համար։ Ատրպէյճանական զինուորականները Շուշիի մէջ Մարտի 22ի առաւօտուն կը սկսին հայերու տուներու խուզարկութիւնը։ Զինաթափման անուան տակ սկսաւ Շուշիի հայերու նոր կոտորածը։ Մարտի 23ին Սուլթանովի եւ թուրք սպաներու ղեկավարութեամբ թաթար զինուորները, քրտական հրոսակները եւ իսլամ մոլեռանդ ամբոխը ներխուժեց Շուշիի հայկական թաղամաս, սկսաւ կոտորել խաղաղ բնակչութիւնը, չխնայելով անգամ կիները, ծերերը եւ երեխաները։ Շուշին գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ։ Մահէ փրկուած Շուշիի հայութեան բեկորները, 5-6 հազար անձ, մազապուրծ փախան Վարանդա եւ Դիզակ։
Այստեղ 3 օրուայ ընթացքին քանդած ու կրակի մատնած են 7000 տուն ու որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ մորթած են 12 000 անձ։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը ցաւով կը նշէ, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ, որ չունի իր սեփական պետութիւնը, միշտ ալ ենթակայ է ցեղասպանուելու եւ մասնատուելու: Այդ է պատճառը, որ մենք կը յայտարարենք, որ Նուպար փաշայի Հայաստան պետութեան շարունակականութիւնն ենք: Օգտուելով առիթէն, մէկ անգամ եւսկը բարձրաձայնենք, որ Պաքուի իշխանութիւնները մազաչափ անգամ չեն փոխած իրենց իրական դէմքը եւ կը շարունակեն մնալ նոյն քոչուոր ու վայրագ ժողովուրդը, որ մինչեւ օրս չի կրնար ձեւաւորուիլ իբրեւ միասնական ազգ ու կը շարունակէ իր՝ քոչուորի յատուկ կենսաձեւը: Յիշեցնենք, որ իր դիմաց կանգնած է հազարամեակներէ եկող սեփական դիմագիծով, մշակոյթով ու պետականութիւն ունեցող բնիկ ազգ: