Ֆրանսայի Սենատին մէջ տեղի ունեցաւ «Յաջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի» խորագիրը կրող բացառիկ համաժողով՝ ֆրանսացի ականաւոր մտաւորականներու եւ խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ: 

Ֆրանսացի մտաւորականներն իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Ատրպէյճանի կողմէ շարունակաբար եւ անթաքոյց կերպով վարուող հայատեաց եւ ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ ահազանգ հնչեցնելով վերջինիս հետեւանքով Արցախի ժողովուրդին առջեւ ծառացած գոյաբանական ապառնալիքներուն համար, եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան անյապաղ գործուն քայլեր ձեռնարկելու Արցախի շրջափակումը վերացնելու եւ արցախահայութեան՝ իր հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու համար։

Համաժողովի աւարտին ամփոփիչ ելոյթներով հանդէս եկան Սենատի եւ Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբերու նախագահներ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ եւ Անն-Լորանս Փեթել, Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փուփոնի եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու պատգամաւորներ մշտական կապի մէջ են Արեւմտեան Հայաստանի նախագահին ու կառավարութեան անդամներուն հետ՝ մասնակցելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի կողմէ կազմակերպուող տարբեր միջոցառումներուն: Բոլորովին վերջերս Ֆրանսայի Ալպ- Մարթիմի շրջանի պատգամաւոր տիկին Ալեքսանտրա Մարթինիին շրորհուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: