
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Մարտի 21ին հրապարակած է արտահերթ զեկոյց, ուր համապարփակ ու մանրամասն կերպով 100 կէտերու միջոցով կը ներկայացուին 7 անհատական իրաւունքներու, 5 խոցելի խումբերու եւ 4 հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ տուեալներ։
Ամբողջական շրջափակման զուգահեռ Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Արցախի կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու՝ կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման եւ կապի ու հաղորդակցութեան բնականոն աշխատանքը՝ նպատակ ունենալով ա՛լ աւելի սրել առանց այն ալ ծանր մարդասիրական ճգնաժամը եւ մարդկային տառապանքներ պատճառել ու ոչնչացնել Արցախի բնիկ հայկական բնակչութիւնը՝ մարմնական եւ հոգեբանական ահաբեկմամբ, կեանքի համար անտանելի պայմաններու ստեղծմամբ, ցեղային զտմամբ։
Զեկոյցին մէջ արտացոլուած՝ 100-օրեայ շրջափակման հետեւանքով՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ քանի մը հիմնական տուեալներու կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ https://artsakhombuds.am/hy/document/1004:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին 2021 թուականին արձագանգելով Շուշէն բռնի տեղահանուած մեր բնիկ ժողովուրդին իրեն հասցէագրուած բողոք-դիմումներուն՝ դիմած է Մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարան, որ վարոյթ ընդունած է տասէ աւելի դիմումներ: Գործընթացը շարունակական է եւ առաջին դատական գործընթացէն ետք պիտի լսուին միւս բոլոր բողոքներն ընդդէմ Պաքուի իշխանութիւններուն: