
2023 թուականի Ապրիլի 24ին, ժամը 11:00-ին Պիարիցի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն։
«ԱկուրԱրմենիա» Պասկերու Երկրի (կամ Պասկոնիա) Ֆրանսա-Հայաստան մշակութային միութիւնը կը հրաւիրէ ձեզ մասնակցելու 1915 թուականի Հայերու Ցեղասպանութեան 108րդ տարելիցին: Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիարիցի Պատերազմի յիշատակի յուշահամալիրի կոթողին մօտ՝ քաղաքապետ Մայտըր Արոստէկէի եւ այլ անձերու ներկայութեամբ:
«ԱկուրԱրմենիա» միութիւնը կը ցանկայ հանդիպիլ ձեզմէ շատերուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու այս Ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ անոնց զաւակներուն, որոնք կը կրեն Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած, բայց թրքական պետութեան կողմէ տակաւին ժխտուած ողբերգութեան ցաւը:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը հրաւիրուած է Պիարիցի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառման եւ իր յատուկ պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցի հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան: Տեղին է նշել, որ աւանդոյթի համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնն Ապրիլի 26-28 Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին պիտի կատարէ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութիւն: