700 տարի Համշէնը որպէս կիսանկախ հայկական իշխանութիւն կը պահպանէ իր գոյութիւնը, եւ կը տապալի 1489թ. թուրքերու գրաւումով: Համշէնի վերջին իշխանը Դաւիթ է, որ պարտութիւն կրելով թուրքերէն` կը հեռանայ Համշէնէն ու կը պատսպարուի Սպեր գաւառին մէջ: 

Ըստ Օսմանեան տաւթարներու` Համշէնի գաւառին մէջ մինչեւ 1620-ական թուականները ճնշող մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ էր: Այդ ժամանակներուն քրիստոնեաները բաւական ծանր հարկեր կը վճարէին Կ. Պոլսոյ: Միայն Համշէնի գաւառակը 1609-1610թ. հարկ  տուած է 7090քկ մեղր եւ 2660քկ մեղրամոմ: 1626-1627թթ հարկերը յիսուն տոկոսով կ’աւելնան: Ամենայն հաւանականութեամբ համշէցիներու իսլամացման պատճառներէն մէկը  քրիստոնեաներու վրայ դրուած ծանր հարկերը եղած են: 

իսլամացման այդ գործընթացը կը կապուի  նաեւ հայ եկեղեցւոյ առաջնորդարանի տկարացման հետ: 1630թ. Համշէնի մէջ գրուած ձեռագիր մը կը հաղորդէ Եղնովիտի Խաչիքար (Խաչեքար/Խաչիկ հոր) վանքին մէջ եպիսկոպոսի բացակայութեան մասին: Այնուհետեւ, մինչեւ 1812թ. Համշէնի մէջ ընդօրինակուած ձեռագիր յայտնի չէ, որ եւս եկեղեցւոյ տկարացման վկայութիւնն է: 

Այդուհանդերձ, հակառակ իր թոյլ վիճակին, Խաչիքարը կը գոյատեւէ մինչեւ 1915 թուականը: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի 1913թ. ցուցակներուն մէջ այն գրանցուած է որպէս եկեղեցի, որուն շնորհիւ ալ մինչեւ Մեծ Եղեռն մօտակայ Եղնովիտ/Էլեւիթ գիւղին մէջ հայեր ապրած են: Իսկ այսօր, Չամլըհեմշինի կեդրոնէն 35քմ դէպի լեռներ գտնուող այս գիւղին մէջ (ներկայիս՝ Եայլաքէօյ/Yaylaköy) ո՛չ հայու պիտի հանդիպիք, ոչ ալ Խաչիքարի աւերակներ գտնեք: