Ատրպէյճանցիները հեռուէն անկանոն կրակ կը  բանան գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող մարդոց վրայ, բան մը, որ  առաջին անգամ չէ, որ կը կատարուի, «NEWS.am»ին պատմած է ԱՀ Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքի քաղաքապետ Վլատիկ Յովհաննիսեան:

Աւելի վաղ ԱՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդած էր, որ Մարտի 22-ի առաւօտուն Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող «Կլազին ձոր» կոչուող տեղամասին մէջ գտնուող խաղողայգիներուն մէջ գիւղատնտեսական  աշխատանքներ կատարած ժամանակ Ճարտարի 7 բնակիչ դարձած էին ատրպէյճանական զինուժին կողմէ արձակուած կրակի թիրախ:

«Հեռուէն անկանոն կը կրակեն աշխատող մարդոց վրայ, թոյլ չեն տար, որ աշխատինք: Գարնանային աշխատանքները սկսած են, այգիներու մէջ կ’աշխատին բնակիչները, ատրպէյճանցիներն ալ թոյլ չեն տար, որ գործ կատարեն: Առաջին անգամը չէ, որ ատրպէյճանցիները կրակ կը  բանան մեր վարչական տարածքին մէջ աշխատող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ»,- յայտնած է Ճարտարի քաղաքապետը: