Արեւմտեան Հայաստանի  մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն փրկուած երեխաներուն վիճակը տարաբնոյթ է: Որոշ երեխաներ կորսնցուցած են ծնողները, ուրիշներ ալ ստիպուած եղած են գաղթել այլ շրջաններ։ «Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժման» ծիրին մէջ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններ կ’իրականացնեն հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն տարածաշրջանի երեխաներուն:

Սակայն այս մէկը բաւարար չէ, քանի որ թրքական իշխանութիւններու պատկան մարմինները չեն համագործակցիր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ հիմնուած որեւէ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ: Կառավարութիւնն այս աշխատանքը գլխաւորաբար կը կատարէ կրօնական, պահպանողական կազմակերպութիւններու հետ: Այս մեծ խնդիր է երեխաներու իրաւունքներուն առումով։ Բացի անկէ, կան նաեւ որոշ խոցելի խումբեր, որոնք դժուարութիւններ ունին իրաւունքներու եւ ազատութեան հասանելիութեան հարցին մէջ, որոնց, ցաւօք, պետական ​​կառավարումը համապատասխան մօտեցում չի ցուցաբերեր:

Ծնողները կորսնցուցած երեխաները, որոնք տակաւին որեւէ  կերպով չեն կրնար գտնել զանոնք, պէտք է գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ: Պետութիւնն այս գործընթացին մէջ պէտք է կեդրոնանայ ընտանիքի վերամիաւորման վրայ, որ պէտք է կատարէ հետեւողական՝ հիմնուելով երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ: Այնուամենայնիւ, ծնողները եւ հարազատները կորսնցուցած երեխաները սկսան վերցուիլ թրքական կառավարութեան պաշտպանութեան տակ։ Այս գործընթացին մէջ ի յայտ եկան որոշ տարօրինակ իրավիճակներ, օրինակ՝ երեխաները կրօնական հաստատութիւններու մէջ տեղաւորելը: Այս բոլորին մասին տեղեակ է նաեւ ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը։ Երեխաները կրօնական հաստատութիւններու մէջ տեղաւորելը եւ պետութեան կողմէ խնամքի պատասխանատւութիւնն այդ հաստատութիւններուն փոխանցելը լուրջ խնդիր է։ Այս մէկը երեխաներու իրաւունքներու խախտում է։ 

Ինչպէս յայտնի է, ամբողջ աշխարհի մէջ նման ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ երեխաներու մարդորսութեան վտանգը կ’աճի։ Թրքական կառավարութիւնը պէտք է հաշուի առնէր այս վտանգը  եւ նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկէր անոր նկատմամբ։ Մենք վստահ չենք, որ այդ մէկը կը կատարուի յաւուր պատշաճի: Օրինակ, մենք դեռ չենք գիտեր, թէ որպէս «անհետ կորսուած երեխաներ» ճանչցուածներուն մէջ արդեօք կա՞ն երեխաներ, որոնք կ’ենթարկուին մարդորսութեան, բայց պատկան մարմինները պարտաւոր են  իմանալ: