
Երասխի հատուածի մարտական դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն մահացած է զինուորական ծառայող Արշակ Սերիոժայի Սարգսեան, կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Մարտի 22-ին՝ ժամը 16:20-ի կողմերը, Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ՊՆ N զօրամասի զինուորական ծառայող Արշակ Սերիոժայի Սարգսեան», – նշուած է ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: