ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակի 100-րդ տարելիցին նուիրուած՝ Մարտի 23-ին Թիֆլիսի Գ. Լէոնիձէի անուան վրացական գրականութեան ​​թանգարանին մէջ, պիտի բացուի  «Թումանեանը եւ Թիֆլիսը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլի 13:

Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ թիֆլիսեան կեանքի թումանեանական ընկալումները՝ մարդկային յարաբերութիւններէն մինչեւ գրական պոռթկումներ:

Մարտի 24-ին Վ. Սարաջիշուիլիի անուան պետական երաժշտանոցի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի համերգ. ելոյթ պիտի ունենայ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը՝ թումանեանական խօսքի եւ կոմիտասեան երաժշտութեան տրամադրութիւններով:

Միջոցառման կազմակերպիչներն են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը, Յովհ. Թումանեանի թանգարանը (Երեւան), «Յովհ. Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնը, «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնը, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը (Երեւան):