
Յակոբավանքը կը գտնուի Քոլատակ գիւղէն 1,5քմ հեռաւորութեան վրայ (յետագային վերանուանուած է Ներքին Խաչէն): Վանքի հիմնադրման յստակ տարեթիւը յայտնի չէ, սակայն խաչքարի պատուանդանին վրայ փորագրուած ամէնէն հին արձանագրութիւնը թուագրուած է 853 թուականին:
Միջին դարերուն Յակոբավանքը համարուած է Արեւելեան Հայաստանի սրբավայր եւ ուխտատեղի հաւատացեալներու համար: Այն յայտնի եղած է նաեւ որպէս Խաչէնի լուսաւորութեան եւ ձեռագիրներու կեդրոն: Վանական համալիրի տարածքին տեղակայուած եղած են նաեւ Մատենադարանը, գրատունը, ջրամբարները, շտեմարանները, ախոռներն ու թոնիրները:
Բացի անկէ, որ Մարտակերտն առաջին տեղը կը գրաւէ Արցախի շրջաններու շարքին իր հնագոյն յուշարձաններու քանակով, Արցախի անտառներու ամէնէն մեծ մասը եւս բաժին հասած է Մարտակերտին: Այն Արցախի ամէնէն գեղատեսիլ շրջաններէն մէկն է: Քանի որ Մարտակերտի գանձերուն մեծ մասը հիմնական ճանապարհներէն հեռու կը գտնուի, այստեղ բաւական տարածուած են յետիոտնային արշաւներն ու շրջագայութիւնները յատկապէս Երեք Մանկունք եւ Եղիշէ Առաքեալ վանքերուն ուղղութեամբ: Բացի անկէ, այստեղ աշխոյժ կերպով կը զարգանան ձկնորսութիւնը, գիւղատնտեսական զբօսաշրջութիւնը, ճամբարային եւ հեծանիւային շրջագայութիւնները, ինչպէս նաեւ տարատեսակ արկածային զուարճանքները: Մարտակերտ շրջան, իր գիւղերով, հիանալի վայր է վերակազդուրման զբօոսաշրջութեան համար: