Այս ամսուան սկիզբը քանի մը թերթեր տեղեկացուցին, որ թրքական կառավարութեան դէմ մեծածաւալ բողոք ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ): Իրաւական հարցերով եւրոպացի  իրաւաբաններու խումբը հաւաքած է հսկայական գործ, որ կը ներառէ «վկաներու ցուցմունքները, որոնք կը մանրամասնեն խոշտանգման, պետութեան կողմէ հովանաւորուող առեւանգման եւ անօրինական բանտարկութեան մասին»՝ իրականացուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ իր 200 հազար հակառակորդներուն նկատմամբ:

Ե՛ւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, ե՛ւ ՄԱԿ-ի կամայական կալանքի  հարցերով աշխատանքային խումբը եզրակացուցած էին, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ բանտարկութիւններու եւ կալանքներու մեծ մասը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտում էր։ Անոնք կը համարուին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ։ 

4000 էջէ բաղկացած թղթապանակը պատրաստուած է պելճիքական Van Steenbrugge Advocaten իրաւաբանական ընկերութեան, պելճիքական Turkey Tribunal հասարակական կազմակերպութեան եւ Եւրոպական դատաւորներու միութեան կողմէ:

«Թուրք պաշտօնեաները մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարած են Էրտողանի վարչակարգի հարիւր հազարաւոր հակառակորդներուն նկատմամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ «Այս յանցագործութիւնները հաւասարազօր են «համատարած եւ համակարգուած յարձակման խաղաղ բնակչութեան դէմ», որ թոյլ կու տայ Միջազգային քրէական դատարանին վարոյթ սկսիլ Էրտողանի վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն դէմ»:

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը գտնէ, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ արձանագրուած խախտումները յատուկ են ոչ միայն Էրտողանի իշխանութեան, այլ բոլոր ժամանակներու թրքական իշխանութիւններուն, որոնք չեն խորշիր որեւէ բանէ եւ ունակ են ցեղասպանել սեփական տարածքին մէջ ապրող բնիկ ցեղը, միայն թէ իրենց նպատակներուն հասնելու ճանապարհին որեւէ խոչընդոտի չհանդիպին: Կ’ուզենք եւս մէկ անգամ  յիշեցնել, որ ժամանակները փոխուած են եւ Արեւմտեան Հայաստանն այլեւս միայն պատմական տարածք  չէ, այլ  աւելի քան քսանհինգ պետութեան կողմէ ճանչցուած Արեւմտեան Հայաստանի  Հանրապետութիւն է, որ ի զօրու է պաշտպանել իր քաղաքացիներու իրաւունքները: