Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան  (FAON) տարածած հաղորդագրութենէն յայտնի դարձած է, որ Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գերատեսչութիւն կանչած է Ատրպէյճանի դեսպանն ու անոր յայտնած Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը կատարելու եւ Բերձորի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը: 

Նշուած է, որ Հոլանտայի խորհրդարանական 13 խմբակցութիւնները գրաւոր հարցումներ ուղղած են երկրի Արտաքին գործոց նախարար Վոպքէ Հոքսթրային՝  Բերձորի ճանապարհի արգելափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ Փետրուարի 22-ին ընդունած որոշման վերաբերեալ: Իր պատասխաններուն մէջ նախարարը համաձայնած է խորհրդարանականներուն հետ՝ նշելով, որ Ատրպէյճան չի կատարեր դատարանի որոշումը: 

Ըստ հաղորդագրութեան, Հոլանտայի Արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը բազմիցս իր մտահոգութիւնները բարձրացուցած է Բերձորի ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ, այդ թուին՝ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ երկկողմ բանակցութիւններու ժամանակ, ինչպէս նաեւ Հոլանտայի վարչապետի եւ Ալիեւի միջեւ վերջերս կայացած հանդիպման ընթացքին: Այդ մտահոգութիւններն արտայայտուած են նաեւ տարբեր միջազգային համաժողովներու ընթացքին  ԵՄ յայտարարութիւններուն միջոցով: