
Պելճիքայի Սինթ-Նիքլաս քաղաքին մէջ պաշտօնապէս տեղի ունեցած է հայկական խաչքարի բացումը։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Աննա Աղաճանեան, հայ քահանաներ եւ այլք։
«Այս խաչքարը մեզի համար շատ կարեւոր է»,- նշեց Սինթ-Նիքլասէն Ներսիսեաններու ընտանիքը, որուն աջակցութեամբ տեղի ունեցած է յուշարձանի տեղափոխումը։
Մեզի համար այս խաչքարը Աստուծոյ հետ խօսելու միջոց է: Մենք երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածէին Սինթ-Նիքլասի մէջ նման յուշարձան կանգնեցնելու մասին, բայց չէին գիտեր, թէ ուրկէ պէտք է սկսիլ։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ այսօր կրնանք բանալ խաչքարը: Եկեղեցւոյ կողքը քարին տեղադրումը միտումնաւոր է’ ոչ միայն կրօնական տեսանկիւնէ, այլեւ անվտանգութեան համար»:
