
Երից Մանկանց վանքը միջնադարեան հայ եկեղեցաշինութեան փայլուն օրինակ է: Կառուցուած է 1691 թուականին, կը գտնուի Մարտակերտ շրջանին մէջ՝ պատմական Ջրաբերդէն 7քմ հեռաւորութեան վրայ, Թրղի գետակի ձախ ափին: Եկեղեցւոյ մօտ կը գտնուի գրեթէ անմարդաբնակ Խստորաշէն (Խոխոմաշէն) անունով գիւղը:
Երից Մանկանց վանքը եղած է Աղուանից հակաթոռ կաթողիկոսներու նստավայրը: Պահպանուած արձանագրութիւններուն համաձայն, վանքի եկեղեցին կառուցուած է Մելիք-Իսրայէլեաններու կողմէ:
Եկեղեցին կառուցած է ճարտարապետ Սարգիս՝ կաթողիկոս Սիմէոնի եւ իր եղբայր Իգնատիոս վարդապետի օժանդակութեամբ, որուն վկայութիւնն է ճարտարապետի անունն ամփոփող՝ ‹‹Շինաւղ եւ վարպետ եկեղեցոյս ուստա Սարգիսն յիշեցէք ի Քրիստոս›› արձանագրութիւնը:
Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած արձանագրութեան մէջ նշուած էր, որ եկեղեցւոյ մէջ կային դպրատուն, բնակելի սենեակներ, որոնց տակ եղած են նկուղներ՝ ծառայելով որպէս պահեստներ եւ թաքստոցներ: Բնակելի սենեակներէն շատերը փլած են, իսկ մնացեալը, որոնք ոչ հեռու անցեալին կ’օգտագործուէին, դեռ կանգուն են: Վանական տարածքին մէջ պահպանուած բազմաթիւ բնակելի սենեակները, վանականներու կացարանները, դահլիճները՝ իրենց բուխարիներով, կը խօսին Երից Մանկանց վանքի միաբանութեան թուակազմին մասին։
Կ’ըսուի, թէ Երից Մանկանց վանքը կը կոչուի Հին Կտակարանի երեք հայազգի մանուկներուն անունով, զորս կրակ նետած է Բաբելոնի թագաւոր Նաբուգոդոնոսոր կուռքին խոնարհելէ հրաժարելու համար: Հայազգի մանուկները փրկուած են Միքայէլ հրեշտակապետին կողմէ եւ դժոխքէն դուրս եկած անվնաս:
Պատերազմի ժամանակ հայազգի մանուկները սպաննուած են օտար բռնակալներու կողմից: Ուղտով տեղափոխած ժամանակ, ճանապարհին ուղտը չոքած է եւ չէ կրցած երթալ: Այդ ժամանակ որոշած են մանուկները թաղել վանքի տարածքին: Այստեղէն ալ առաջացած է Երից Մանկանց անուանումը: Սպաննուած մանուկներու գերեզմանաքարերը մինչեւ այսօր ալ պահպանուած են:
Ուշագրաւ է նաեւ եկեղեցւոյ արձանագրութիւններէն մէկուն Երից Մանկանց վանքին վերաբերեալ հետեւեալ յիշատակումը. «Մեր աշխատանքը աւարտին հասցուցինք՝ աստուածասերներու եւ ողորմածներու միջոցով ու օգնութեամբ. Սուրբ Դանիէլ մարգարէի եւ երեք սուրբ մանուկներու պատուական նշխարները, որոնք դրուած են այստեղ, մեծամեծ հրաշագործութիւններ կը կատարեն: Այստեղ այն կառուցուեցաւ մեր փրկութեան, մեր բազում մեղքերու թողութեան, մեր հոգեւոր ու մարմնաւոր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատողներուն համար. մեզ եւ վանքի միաբանները յիշեցե՛ք ձեր սուրբ աղօթքներուն մէջ»: