«Մեզ շատ կը մտահոգէ վերջերս երկկողմ, այսպէս կոչուած, համաձուլման յայտարարութիւնները, որոնցմով կարծէք թէ կ’ուզեն մարդիկ հաշտեցնել այն մտքին հետ, թէ Ատրպէյճան գրաւած է Արցախի տարածքը: Այսինքն, կատարուած է մաքուր դաւաճանութիւն Արցախի Սահմանադրութեան հանդէպ, քանի որ կան այդ Սահմանադրութեան վրայ երդուած մարդիկ, որոնք պարտաւոր են պաշտպանել սահմանադրական կարգը: Համաձուլումը բացառուած է, քանի որ մենք ծանօթ ենք համաձուլման ատրպէյճանական, թրքական ձեռագիրին, այն պետական ահաբեկչութեամբ հայերը վախցնելու, դէպի ձուլման տանելու քաղաքականութիւնն է: Կոչ կ’ուղղենք ՀՀ եւ Արցախի կառավարութիւններուն՝ ամուր կանգնիլ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, ոչ մէ քայլ նահանջել ազգային շահերէն»,- նշեց երէկ ՀՀ կառավարութեան դիմաց բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն, «Շուշի» հայրենակցական միութեան նախագահ Աշոտ Յարութիւնեան:

Անոր խօսքով, Ատրպէյճան համաձուլում ըսելով կը հասկնայ ուժային մեթոտներով պարտադրել հայերը:

 «Մարդ պէտք է հիւանդ ըլլայ, որ կանգնի ու ըսէ, որ իր հայրենիքն Ատրպէյճանինն է»,- ըսաւ ան: