Մարտի 23-ին Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, անդրադառնալով շրջափակման 100 օրուայ ընթացքին Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն, նշած է.«Շրջափակման հետեւանքով միայն ծայրայեղ ծանր դէպքերու ժամանակ է, որ ամէն անգամ Կարմիր խաչի հետ բանակցելու պարագային հնարաւորութիւն կը ստեղծուի զանոնք տեղափոխել ՀՀ տարբեր բժշկական հաստատութիւններ: Յատկապէս այս ընթացքին պէտք է անդրադառնանք նաեւ հիւանդանոցներու մէջ բժշկական օգնութեան կազմակերպման, որ կազամատակարարման, ելեկտամատակարարման խաթարումներու հետեւանքով շատ յաճախ կաթուածահար կ’ըլլայ»: 

Անդրադառնալով սնունդի իրաւունքին, ան համառօտ ներկայացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը կը շարունակէ Կառավարութեան կողմէ ներդրուած կանոնակարգումներուն համաձայն սահմանափակ ծաւալով որոշ սննդատեսակներ ստանալ, սակայն  անոնք ստիպուած են շատ յաճախ կանգնիլ հերթերու մէջ՝ որոշ սննդամթերք ձեռք բերելու համար: Շրջափակման զուգահեռ Պաքուի իշխանութիւններուն  կողմէ պարբերաբար խաթարուած է կազամատակարարումը:

«Շրջափակման 100 օրերու ընթացքին սեփական  հատուածի աշխատողներու 50 տոկոսը՝ շուրջ 9800 անձ, կորսնցուցած է իր աշխատանքը, իսկ 782 տնտեսական վարող մարմին՝ շուրջ 20 տոկոսը, պաշտօնապէս դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը:  Ջեռուցման հետ կապուած խնդիրները տեւական կերպով յանգեցուցած են Արցախի երեխաներու կրթութեան իրաւունքի խախտումներու: 

Ընդհանուր առմամբ կրնանք ըսել, որ այս իրավիճակը բաւական բացասաբար կ’ազդէ նաեւ երեխաներու ուշադրութեան եւ ընկալունակութեան վրայ՝ երկարաժամկէտ կտրուածքով խաթարելով երեխաներու զարգացման իրաւունքի պատշաճ իրացումը: Ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամն առաջին հերթին ամէնէն լուրջ խնդիրները կը ստեղծէ խոցելի խումբերուն համար՝ երեխաներու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, տարեցներու, կիներու, աղջիկներու եւ տեղահանուած մեր ազգաբնակչութեան համար»,- եզրափակած է Գեղամ Ստեփանեան:

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս անդրադարձած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին տարբեր առիթներով եւ տարբեր ատեաններու վրայ՝  Ֆրանսայի եւ Եւրոպական միութեան պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներէն մինչեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմելը: Տեղին է նշել, որ թուրք-ատրպէյճանական գործելաոճը կը մնայ նոյնը՝ նոյն ցեղասպան եւ բռնազաւթիչ քաղաքականութիւնն է, որ անոնք որդեգրած են դարեր շարունակ եւ անպատժելիութեան միջավայրի մէջ կը շարունակեն մինչեւ օրս: Սակայն ամէն ինչ վերջ ունի եւ մօտ է նաեւ հայատեաց դաշինքի վերջը: