
Վահագն Հաշտ
Հազարամեակներու խորքէն մեզի հասած
Վահագն Դիցին նուիրուած տօն
աշխարհաբար թարգմանութեամբ
Կը մեծարեմ Վահագն Քաջը
Ամէնէն ուժեղը ուժեղներուն մէջ
Ամենայաղթը յաղթողներուն մէջ
Վեհագոյնը’ վեհերուն մէջ
Ամենաբարին՝ բարիներուն մէջ
Ամենաօգտակարը օգտակարներուն մէջ
Ամենաբուժականը բուժականներուն մէջ
Վահագն է տապալողը բոլոր յարձակումներուն
Կը փառաբանեմ Վահագնը, ան որ
Քաջութիւն կը պարգեւէ
Թշնամիներուն Մահ, աշխարհին թարմութիւն
Ան, որ յաղթութիւն կը շնորհէ եւ
Նպատակները լաւագոյնս կ’իրականացնէ
Յաղթաբազուկ Վահագն կը պարգեւէ
Սերնդաբերութեան ուժը, բազկի
Զօրութիւնը, հրեղէն կամքն ու մարմնի ողջութիւնը
Կ’օրհներգեմ Վահագնը, Հայկի բազուկը
Թող անոր շնորհած վեհ յաղթանակները
Պարուրեն մեր Հայկազեան տունն ու օճախը։