
2007 թուականի Յունուարի 19-ին Կ. Պոլսոյ մէջ սպաննուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի կեանքին մասին ֆիլմ պիտի նկարահանուի։
Լուրը թուիթըրեան իր էջին յայտնած է գրող, երաժիշտ Սինա Քոլօղլու: Ըստ անոր, ֆիլմի դիպաշարը գրած է թուրք բեմադրիչ, թատերագիր Պարըշ Փիրհասան, բեմադրական աշխատանքները պիտի գլխաւորէ Զէյնէփ Կիւնայ։ Ֆիլմի նկարահանումները պիտի սկսին 2024 թուականին։
Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց:
Ան միշտ բացայայտ կերպով կը խօսէր հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան ու ծպտեալ հայերու խնդիրներուն մասին։ 2022 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահը Հրանդ Տինքը շնորհած է Արեւմտեան Հայաստանի համար Արդարադատ գործիչի կոչում՝ մարդկային արժանապատւութեան եւ խիղճի ազատութեան համար անոր մղած պայքարին համար։