Մարտի 23-ին եւ 24-ի առաւօտուն, ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն տարբեր տեսակի ու տրամաչափի զինատեսակներով թիրախաւորած եւ կրակ բացած են Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքի խաղողայգիներուն մէջ էտման աշխատանքներ իրականացնող խումբ մը քաղաքացիներու ուղղութեամբ: Տուժողներ չեն եղած: Դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Լուրը կը  տեղեկացնէ Արցախի ՆԳՆ ոստիկանութիւնը: