Բնապահպան Ռըտուան Այհան յայտարարած է, որ թրքական  իշխանութիւններուն անպատասխանատւութեան պատճառով նաւթը խառնուած է Տիգրիսի վտակ Պաթման գետին եւ նշած, որ «Իշխանութիւնները պէտք է դադրին սխալ քայլեր կատարել»։

 Մարտի 13-ին նաւթի արտահոսք տեղի ունեցած է Petroleum Transport Corporation with Pipelines (BOTAŞ) ընկերութեան պատկանող խողովակաշարին մէջ, որ կ’անցնի Պաթման գետով։ Արտահոսքը տեղի ունեցած է բնական աղբիւրներուն մօտ տարածքի մէջ: Ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ գետին մէջէն անցնող խողովակը պիտի վերանորոգուի, սակայն վերանորոգման գործընթացը մինչեւ օրս չէ սկսած։

Նշելով, որ նաւթը վտանգ կը ներկայացնէ  մարդոց եւ կենդանական աշխարհին համար, Այհան նշած է, որ ամբողջ շրջանը կանգնած է բնութեան նոր սպանդի վտանգին առջեւ։ Բնապահպանին խօսքով, այստեղ մեծ արտահոսք  տեղի ունեցած է: Ջուրին հետ խառնուած նաւթը կը հոսի դէպի պատմական Հասանքէյֆ քաղաքի տարածք, որ  աւելի վաղ յայտնուած էր թրքական իշխանութիւններու որոշմամբ կառուցուած ջրամբարի յատակը։ Եթէ վթարը շտապ չվերացուի, ապա  ջրամբարին մաքրելը շատ դժուար պիտի ըլլայ։ 

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Ազգային ժողովը շարունակաբար կ’աշխատին Արեւմտեան Հայաստանի բնական եւ ճարտարապետական ​​յուշարձաններու պահպանման եւ անոնց սպառնացող որեւէ վտանգի ուղղութեամբ, հաշուի կ’առնուին հայկական պետութեան նիւթական եւ հոգեւոր մշակութային արժէքներու հաւաքագրումը, վտանգները հաստատուած են իրաւասու մարմիններուն փոխանցելու համար։ 

Այս հարցով եւս Ազգային ժողովի  Շրջակայ միջավայրի հարցերով զբաղող յանձնաժողովը իր  յաջորդ   նիստին յանձնախումբ պիտի ստեղծէ եւ հաւաքած փաստերով գործ հարուցէ գետն ու անոր աւազանն աղտոտող կազմակերպութեան դէմ: