
Ակնյայտօրէն խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճան Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կը հրահրէ եւ կրկին կը սպառնայ հարեւան Հայաստանին ռազմական յարձակմամբ։ Նման կարծիք յայտնած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսըն, որ ծաւալուն յօդուած հրապարակած է «Project Syndicate»ի կայքէջին՝ խօսելով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան, Արցախի հիմնախնդիրին եւ տարածաշրջանին մէջ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին։
ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարին կարծիքով, Ատրպէյճան կ’օգտագործէ շրջափակումը եւ այլ միջոցներ՝ Արցախը «խեղդելու» համար։
«2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը յստակ կերպով ցոյց տուած, որ Ատրպէյճան զգալի ռազմական առաւելութիւն ունի Հայաստանի նկատմամբ՝ շնորհիւ այն զէնքին, որ ան ձեռք կը բերէր Ռուսիայէն, Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն: Հակառակ անոր, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ, ոչ մէկ աջակցութիւն չեղաւ, երբ Հայաստան օգնութիւն խնդրեց իր ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակման ժամանակ։ Ան մնաց խոցելի եւ առանձին։ ԵՄ առաքելութիւնը, որ ներկայիս տեղակայուած է միայն Հայաստանի տարածքին, պէտք է արագ ընդլայնի՝ դիտարկելու հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկարութիւնը: Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է ճնշում գործադրեն Ալիեւի կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս թոյլ տայ ԵՄ անձնակազմին մուտք գործել Ատրպէյճանի տարածք, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի այդ երկիրը բանակցութիւնները գերադասէ ռազմական առճակատումէն»,- եզրափակած է Ռասմուսըն։