Տերսիմի մշակոյթի եւ պատմութեան հիմնադրամը գրանցման համար իր հիմնարարար փաստաթուղթը 2019 թուականի Դեկտեմբերին ներկայացուցած էր դատարան։

Մէկ տարի անց Թունճելիի (Տերսիմի թրքական անուանումը) առաջին ատեանի քաղաքացիական դատարանը խայտառակ որոշում  կայացուցած է հիմնադրամի կազմաւորման վերաբերեալ, պատճառաբանելով, որ հիմնադրամի «Տերսիմ» անուանումը պաշտօնապէս ընդունուած չէ, որ հիմնադրամի դրոյթներուն մէջ ներառուած են «Տերսիմի 1937-38 բանաւոր պատմութեան նախագիծի» ծիրին մէջ իրականացուած հարցազրոյցները հանրութեան ներկայացնելը, ինչպէս նաեւ՝ ալեւիներու ծէսերուն, աղօթքներուն եւ պատմական իրադարձութիւններուն մասին վկայութիւններու ձայնագրութիւնները հրապարակելը: Դատարանն իր որոշումը հիմնաւորած է անով, որ այս բոլորը կը հակասէ Սահմանադրութեան, օրէնքին, ազգային միասնութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ հետաքրքրութիւններուն:

Տերսիմի մշակոյթի եւ պատմութեան հիմնադրամի փաստաբանները դիմած են Կարինի վերաքննիչ դատարան։ Երկար քննութենէ ետք Կարինի դատարանը հիմնադրամի պնդումները հիմնաւոր ճանչցաւ եւ բեկանեց Թունճելիի առաջին ատեանի քաղաքացիական դատարանի որոշումը։Հիմնադրամի տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած  է. «Այս որոշումը իրաւական տեսանկիւնէ դրական է եւ յուսադրող։ Երեք տարիէն աւելի է, որ մեր հիմնադրամի գործունէութիւնը ապօրինաբար կասեցուած է, սակայն այս որոշմամբ վերացուեցան մեր հիմնադրամի ստեղծման հետ առնչուող իրաւական խոչընդոտները։ Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը մեր կողմնակիցներուն աջակցութեամբ»։