Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ մօտ 15 հայկական եկեղեցի ու վանական համալիր կայ: Մինչեւ մեր օրերը լաւ պահպանուած են Գանձասարի վանքը, Ամենափրկիչ եկեղեցին եւ Երից Մանկաց եկեղեցին: Միւս բոլոր եկեղեցիները քանդած են, ընդ որում, ոչ միայն զաւթիչներն, այլ նաեւ ամէնէն անողոք թշնամին՝ ժամանակը:

2013թ․  Ապրիլին Վանք գիւղին մօտակայքը յայտնաբերուեցան Պառաւաձոր վանքի աւերակները: Յայտնաբերուեցան միանգամայն պատահական, քանի որ արահետը, որ  ժամանակ մը առաջ կը տանէր դէպի վանք, ծածկած էին թփուտները, իսկ դարաւոր ծառերը կարծես կը պաշտպանէին վանքը ոչնչացումէ: Սակայն ժամանակը չէ խնայած համալիրն ու մնացած են միայն պատերն ու խաչքարերը, պահպանուած են փորագրութիւնները: Պառաւաձոր համալիրը կառուցուած է 1181 թուականին, «քահանայ Բարսեղի ու Սարգիսի կողմէ Սմբատի իշխանութեան օրօք»: Սմբատ հաւանաբար եղած է Աղուանքի կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսներէն (7-19րդ դարեր): Տեղեկութիւններն այդ եկեղեցւոյ մասին սակաւ են, գրեթէ ոչնիչ կայ այս գրառումէն բացի:

Պառաւաձորի մէջ երկու եկեղեցի գտնուած է, մէկը՝ 12-13րդ դարերու գերեզմանոցին մէջ, երկրորդը՝ առաջինէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ: Պահպանուած է նախագաւիթը, որ անմիջապէս դէպի գերեզմանոց դուրս կու գայ: Եկեղեցւոյ մուտքն ու ներքին տարածութիւնը տառացիօրէն երեսպատուած են խաչքարերով, ամէնէն հինը թուագրուած է 1178 թուականով: Միւս խաչքարերուն վրայ ընթեռնելի են հետեւեալ թիւերը՝ 1180, 1183, 1189, 1195, 1211, 1220, 1221, 1228: