
«Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան խումբի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան օրերս մենահամերգով հանդէս եկած է Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ` ներկայացնելով Սայաթ-Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ ու մշակումներ: Համերգային երեկոն տեղի ունեցած է Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ: Մարիաննա կ՛ըսէ, որ իւրաքանչիւր օրը նուիրուած եղած է որեւէ ոլորտի` ոսկերչութեան, տարազին, պարարուեստին, գորգագործութեան եւ այլն: Մարիաննա
Գէորգեան պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով մեկնած է Հնդկաստան: Կը խոստովանի, որ շատ հաճելի էր, որ երաժշտական մասը վստահած են իրեն: «Մէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին կը փափաքէի, որ միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէ, սակայն, երμ այնտեղ էինք, կարծեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլայ` մէկ հնդկական գործ ներկայացուի, որն ալ հնդիկ երաժիշտներուն նուագակցութեամμ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կընուագակցէին թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի` տաnμեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ μարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով միմեանց լեզուն` մենք խօսեցանք հոգու եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով», կը պատմէ քանոնահարուհին:

Մարիաննայի խօսքով` նպատակն էր երաժըշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել, ինչի մէջ իրենք յաջողեցան: «Կրցանք գերազանցել մենք մեզ», կընշէ քանոնահարուհին եւ կըյաւելէ, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերենով: Համերգի աւարտին միջոցառման կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձնած են` μարձրակարգ համերգին համար: Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւ՝ անգլիացիները: «Պանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի ամուսիններ էին: Եnμ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կուգաք եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ’ըսէք որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, եnμհամերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք», կը պատմէ քանոնա հա րու հին: Մարիաննա Գէորգեանը շարք մը հարցազրոյցներ տալու հնարաւորութիւն ունեցած է եւ, օգտուելով առիթէն, μարձրաձայնած է նաեւ Հայաստանը յուզող խնդիրները: Հարցազրոյցները անգլերեն եղած են, սակայն հայոց լեզուն հնչեցնելու, ինչպէս նաեւ աւելի լիարժէք ամէն μան պատմելու նպատակով, զրոյցներէն մէկը մայրենիով կազմակերպած է: «Ըսի, որ պարզապէս երաժշտութիւն չեմ ներկայացներ, այլ Հայաստանի եւ իմ կեանքիս պատմութիւնը կը պատմեմ: Անդրադարձայ մեր ցաւերուն` Հայերու ցեղասպանութեան, պատերազմներուն, յատուկ խօսեցայ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին», կընշէ ան:
Քանոնահարուհին նաեւ պատմած է աշխարհահռչակ μազմաթիւ հայերու մասին, որոնք պաnμերաμար կը փայլին տաnμեր հարթակներու մէջ եւ ընդգծած է, որ թէ՛ ինքը, թէ՛ հայ ազգը կը հպարտանայ իրենց տաղանդներով: Մարիաննային ոչ միայն գրաւած է հնդկական կողմի` իրեն աջակցելու, ամէն μան փայլուն կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը, այլեւ` երկրին մշակոյթը: «Այցելած եմ տեղի համալսարան, շփուեած եմ փրոֆէսորադասախօսական կազմին հետ, եղած եմ հնդիկ աստուածնե րէն Շիւայի սըրμավայրին մէջ: Հնդկաստանի մէջ կան վայրեր, ուր կարելի չէ մուտք գործել, μայց, եnμ ուղեկցողը կը ներկայացընէր զիս, μացառութիւններ կ՛ընէին. մարդիկ շատ ոգեւորուած էին: Ծանօթացայ հնդկական խոհանոցին, փորձեցի իրենց աւանդական ըզգեստները: Ես շատ սիրեցի Թրիւանտրումը, μնակիչները եւ ամենակարեւորը` ովկիանոսն ու այրող աւազը: Ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, որ ես կը գտնուէի Աստուծոյ տան մէջ: Ըստ տեղացիներուն` եnμԱստուած ստեղծած է երկիրը, այդ դրախտավայրը իր համար պահած է», ոգեւո րութեամμ կըյիշէ Մարիաննան ու կըյաւելէ, որ յառաջիկային տօն կըսպասուի նաեւ հայաստանեան ունկնդիրին: 28 Մարտին Կոմիտասի անուան կամերային երաժըշտութեան տան մէջ պիտի կայանայ համերգ, ուր քանոնահարուհին պիտի ներկայանաայ մէկ համարով. պիտի ըլլայ հայաստանեան առաջին ներկայացում: «Ինծի պատիւ ընձեռուած է կատարելու Տաճիկիստանէն երաժշտահան Թոլիպխոն Շախիտինի «Արժանկ քոնչերթօ կրոսօն», որ գրուած է քանոնի, ջութակի եւ կամերային նուագախումբի համար: Հեղինակը Արամ Խաչատրեանի սանը եղած է: Բեմ պիտի μարձրանայ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, որ պիտի ղեկավարէ Մաքսիմ Նովիքովը` Ռուսիայէն, ջութակահար Կարէն Շահկալտեանը», կը տեղեկացնէ Մարիաննա Գէորգեանը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կամերային երաժշտութեան տան տնօրէնութեան ու իր մաեսթրոին` Սեդրակ Երկանեանին թէ՛ Հնդկաստանի մէջ ըլլալու օրերուն, թէ՛ առհասարակ իրեն աջակցելու համար: