Ախալքալաքի քաղաքապետարանը Մարտի 13-ին մրցոյթ յայտարարած էր Աղմաշենեպէլի փողոցի բազմայարկ շէնքերէն մէկուն բակին մէջ զբօսայգի եւ մարզահրապարակ կառուցելու համար:  Զբօսայգիի կառուցման մրցոյթն աւարտած է։ Աճուրդի հաւանական յաղթողը անհատ ձեռներէց Սերկէյ Չոլախեան է։ Այս հանգրուանին կ’ընթանայ ընտրութեան եւ գնահատման գործընթացը։

Զբօսայգին իր մէջ կը ներառէ ուղիներ ինչպէս յետիոտնի, այնպէս ալ հեծանիւորդներու համար։ Խաղահրապարակը պիտի բաժնուի երկու մասի՝ ուսումնական եւ մանկական։ Պիտի տեղադրուին նաեւ նստարաններ եւ աղբամաններ, լուսաւորութիւն ապահովող լապտերներ, նաեւ խմելու ջուրի շատրուաններ։ Անվտանգութեան համար հրապարակին մէկ մասը պիտի ծածկուի փափուկ ծածկով։ Մանկական ժամանցի տարածքին մէջ պիտի տեղադրուի բնապահպանական առումով մաքուր նիւթերէ պատրաստուած բազմագործառոյթ խաղասարք։  Զբօսայգիի տարածքին  պիտի տնկուին ցրտադիմացկուն ծառեր եւ թուփեր: