
Կարպետագործութիւնը հայ ժողովուրդի հնագոյն ու սիրուած արհեստներէն է: Այն իր ուրոյն տեղը գրաւած է մշակոյթի համընդհանուր գանձարանին մէջ: Վաղնջական ժամանակներէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կարպետը զարդարած է բնակարաններն ու եկեղեցիները, ցուրտէ պաշտպանած է մարդիկ եւ գործածուած որպէս հագուստ: Կարպետները ունեցած են տարբեր անուններ՝ Կարին, Չմշկածագ, Վարանդա, Արմանի, Վիշապակարպետ եւ բազամաթիւ այլ անուններ, որոնք գլխաւորաբար կը խարհրդանշեն այս կամ այն հայկական բնակավայրը:
Հայերէնը, որպէս հարուստ լեզու, ունեցած է գորգ բառի բազմաթիւ հոմանիշներ, որոնք են՝ խալի, կարպետ, օթոց տապաստակ, բազմական եւ այլն։ Կարպետի զարդանկարներն իրենց բովանդակութեամբ կ’առանչուին հայկական կիրառական արուետի այլ ճիւղերու հետ: Հին կարպետներ չեն պահպանուած, բայց անոնց բազմաթիւ զարդանկարները կարելի է նկատել քարէ յուշարձաններու, խաչքարերու վրայ: Հայկական կարպետի զարդանախշերը երկրաչափական, կենդանական եւ բուսական են: Կարպետագործութեան աւելի բնորոշ է երկրաչափական զարդանախշը: Ամէնէն պարզ ու տարածուած զարդանախշը եռանկիւնն է: Խաչը հայ մշակոյթի բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններուն մէջ լայն տարածում ստացած զարդանախշ է: Ի հարկէ, նախնական ձեւը հաւասարաթեւ խաչի պատկերը եղած է: Այն տիպական էր հայկական մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն մէջ իբրեւ խորհրդանիշ՝ աշխարհի նիւթականութիւնը կազմող չորս տարրերուն՝ օդին, ջուրին, հողին, կրակին: Այս զարդանախշն ուսումնասիրողներու խումբ մը խաչը կը դիտարկէ որպէս արեւի խորհրդանիշ: