
ՀՀ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հնագէտները պեղումներ իրականացուցած են Լեռնակերտի N 1 դամբարանադաշտին մէջ:
Բացուած են միջին պրոնզէ ուշ պրոնզի անցման հանգրուանին (Ն. Ք. 16րդ դարու երկրորդ կէսէն 15րդ դարու առաջին կէս) վերագրուող թաղումներ, ուշ-պրոնզէ դարեան առարկաներ։ Լեռնակերտի պեղումները կարեւորուած են ուշ-պրոնզէ դարեան հասարակութեան ուսումնասիրութեան առումով։ Մասնաւորապէս, լայն արձագանգ գտած է Լեռնակերտի հնագոյն DNA հետազօտութիւնը, որ կը վկայէ, որ համայնքներուն մէջ ապրած են տարբեր գերդաստաններ։
Լեռնակերտի ուշ-պրոնզէ դարեան բնապատկերի ձեւափոխութիւններու հետազօտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ մէկ համալիրի մէջ երկու ամրոցներու տուեալներով հետեւիլ պաշտպանական համակարգի ձեւաւորման, կառուցման գործընթացներուն։ Ամրոցներուն, դամբանադաշտերուն մէջ կը նշմարուին ինչպէս առանձնաշնորհեալներու, այնպէս ալ զինուորներու, կրօնական սպասաւորներու եւ առեւտրականներու խումբերը։
