Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով Արեւմտեան Հայաստանի պատգամաւոր եւ Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեան ներկայացուց ներկայ իրավիճակը Արցախի  մէջ, նշելով, որ կառավարութեան ներդրած գործիքակազմին միջոցով որոշ չափով մեղմուած են պարենային խնդիրները, սակայն կան բազմաթիւ խնդիրներ գնաճի եւ որոշ ապրանքներու բացակայութեան հետ կապուած։ Անդրադարձ կատարեց շտապ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց, որոնք այսօր անելանելի իրավիճակի մատնուած են, քանի որ Բերձորի ճանապարհի փակման հետեւանքով չեն կրնար տեղափոխուիլ Հայաստանի տարբեր շրջաններու հիւանդանոցներ եւ իրացնել իրենց բժշկական օգնութիւն ստանալու իրաւունքը, հազուադէպ պարագաներու՝  խաղաղապահներու միջամտութեամբ հնարաւոր կը դառնայ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը։ Ան յստակ գնահատականներ տուաւ բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած վերջին սադրանքներուն, որոնցմէ մէկուն ժամանակ 3 հայեր սպաննուեցան։ Կարեւորելով խաղաղապահներու դերը Արցախի մէջ, նշեց, որ այժմ փորձ կը կատարուի հեղինակազրկելու անոնց գործունէութիւնը, այդուհանդերձ Արցախի խաղաղութեան երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ հայկական անվտագային համակարգը։

https://youtu.be/H8LkAWrj4no