
Պաքուի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ Պաքուի մէջ Ապրիլի սկիզբը հանդիպում կազմակերպելու, անոնց կազմակերպման եղանակներուն եւ նպատակներուն վերաբերեալ կը յիշեցնենք.
Արցախի Հանրապետութիւնը մշտապէս հանդէս եկած է եւ կը շարունակէ հանդէս գալ երկխօսութեան եւ առկայ բոլոր խնդիրներու խաղաղ, բանակցային ճանապարհով լուծման օգտին։ Մենք երբեք չենք հրաժարած ատրպէյճանական կողմին հետ հաղորդակցելէ, որուն ապացոյցն են Արցախի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն միջեւ իրականացուած հանդիպումներն Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ:
Հանդիպման վայրին եւ օրակարգին վերաբերեալ Պաքուի կողմէ հնչեցուած պայմանները, ինչպէս նաեւ բնաբանը, որուն մէջ ներկայացուած է տուեալ առաջարկը, կը վկայեն, որ Պաքուի իշխանութիւններուն նպատակը ոչ թէ առկայ խնդիրներուն շուրջ իրական քննարկումն է, այլ հնարաւոր երկխօսութեան խաթարումը կամ հարկադրանքի, շրջափակման, կեանքի անտանելի պայմաններու ստեղծման եւ ռազմական ուժի կիրառման միջոցով սեփական քաղաքական օրակարգի պարտադրումը։
Եւս մէկ անգամ կը շեշտենք տեխնիկական եւ մարդասիրական հարցերու լուծման շուրջ երկխօսութեան քաղաքականացման անթոյլատրելիութիւնը եւ կ’ընդգծենք, որ ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերը պէտք է քննարկուին համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափով՝ կողմերու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ եւ անոնց ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային ամուր երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ անդրադարձած է Պաքուի ահաբեկչական իշխանութիւններու դաժան վարքին եւ այն փաստին, որ անոնք չեն յարգեր բոլոր միջազգային պայմանագրերն ու պարտաւորութիւնները, բան մը, որ խոչընդոտ կը հանդիսանայ անոնց ծրագիրներու իրականացման համար։ Ժամանակը կ’անցնի, և քաղաքական շահերու բախումը կը թելադրէ տարբեր կանոններ, որոնք պատասխանատւութեան պիտի ենթարկեն Պաքուի ահաբեկչական իշխանութիւնները իրենց կատարած յանցագործութիւններուն համար։