Աւետարանոց գիւղին մէջ կարելի է տեսնել Շահնազարեան մելիքներուն պատկանող եւ 18-րդ դարուն կառուցուած երեք ապարանքներ։ Հարաւային մասը կը գտնուի Բագի մելիքին պալատը, որ ունի քանի մը գլխատուներ: Գիւղին արեւմտեան մասը՝ մեծ ժայռին կից, կը գտնուի երկրորդ պալատը, իսկ անկէ հիւսիս մելիք Շահնազարի պալատն է։ Պալատական համալիրներու ընդհանուր բարւօք վիճակը զգալի տեղեկատւութիւն կը հաղորդէ այդ դարաշրջանի ղարաբաղեան պալատականներու կենսակերպին եւ կենցաղին մասին: Ներկայիս գիւղը բռնազաւթուած է  Պաքուի իշխանութեան  կողմէ։