Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի ներկայացուցիչները կրկին այցելած են Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ գերութեան մէջ պահուող հայ գերիներուն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի։

«Հերթական այցելութիւնը տեղի ունեցած է Մարտի սկիզբը»,– ըսած է ան։

ԿԽՄԿ պատուիրակներն այցելած են այն գերիներուն, որոնց առկայութիւնը Պաքուի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչցած են։ Այս անգամ նոյնպէս գերիներուն հնարաւորութիւն ընձեռնուած է կապ հաստատել հարազատներուն հետ՝ նամակներ փոխանցել, խօսիլ հեռախօսով եւ տեսակապով: 

ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները գնահատած են նաեւ գերիներու առողջական վիճակն ու պահման պայմանները։  Յիշեցնենք, որ Պաքուի իշխանութիւններն այս պահուն կը հաստատեն  2020թ. 44-օրեայ պատերազմէն ետք 33 անձի գերի ըլլալու փաստը։ Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, կը վստահեցնէ, որ անոնց թիւն աւելի շատ է։ Իրաւապաշտպաններու տուեալներով, Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ գերութեան մէջ կը պահուի  80 անձ։