
2021 թուականի Յուլիսէն Ախալքալաքի մէջ կ’ընթանան քաղաքի կեդրոնական փողոցի շէնքերու արտաքին վերանորոգման աշխատանքները, որոնք կ’իրականացնէ Վրաստանի Ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը՝ «Նորոգուած շրջաններ» ծրագիրի ծիրին մէջ:
Արդէն քանի մը օր է, որ քաղաքի կեդրոնական փողոցին մէջ վերսկսած են շէնքերու ճակատային մասերու եւ մայթերու վերանորոգման աշխատանքները: Բարեկարգման զուգահեռ նաեւ կանաչապատման աշխատանքներ պիտի տարուին:
Նախնական տուեալներով, նախատեսուած է կեդրոնական փողոցին մէջ լուսաւորութիւն իրականացնել, ծառատունկ կազմակերպել, ինչպէս նաեւ բնական քարերով սալիկապատել մայթերը: Օրինակ, պիտի վերանորոգուի մշակոյթի տան կողքի փոքրիկ պուրակը, նստարաններ պիտի տեղադրուին: