
Կիպրոս տարագիր հայերու կրթական կեդրոններէն մէկն է: Այստեղ առաջին հայկական դպրոցը բացուած է 1870 թուականին՝ Նիկոսիոյ մէջ։ 1886 թուականէն գործած են Վարդանանց եւ Շուշանեան տարրական դպրոցները։ Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութենէն ետք հիմնադրուած են բազմաթիւ նոր դպրոցներ։ 1924 թուականին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած է տարագրութեան յայտնի կրթօճախներէն մէկը՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը. 1940 թուականէն՝ բարձրագոյն երկրորդական վարժարանը՝ ճեմարանական, առեւտրական եւ գիտական բաժիններով։ Դասաւանդուած է հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, գրաբար, ընդհանուր պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, բնագիտական նիւթեր, օտար լեզուներ։ Դասաւանդման հիմնական լեզուն անգլերէն էր։ Հրատարակած է «Այգ» եւ «Ցոլք» պարբերականները, 1998 թուականէն՝ «Հայեացք» ամսաթերթը։ 2007 թուականին փակուած է։
1972 թուականէն Կիպրոսի Նիկոսիա, Լարնաքա, Լիմասոլ քաղաքներուն մէջ կը գործեն «Նարեկ» ազգային միջնակարգ վարժարանները (մինչեւ 2007 թուականը՝ նախակրթարաններ), զորս կը ղեկավարէ ընդհանուր տնօրինութիւնը։ Կրթօճախներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ մեծ տեղ կը յատկացուի ազգային դաստիարակութեան, հայագիտական նիւթերուն։
