
Պատմական Արտաշատ մայրաքաղաքի տարածքին պիտի ստեղծուի «Արտաշատ մայրաքաղաք» պատմամշակութային արգելոցը։ Այս որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան Մարտի 30-ի նիստին։
Արտաշատ մայրաքաղաքը` առկայ յուշարձաններով ու պատմական միջավայրով, այսօր կը հանդիսանայ հանրապետական նշանակութեան յուշարձան եւ ընդգրկուած է պետական ցուցակին մէջ: Արգելոցի ստեղծումը պիտի ապահովէ յուշարձանախումբի ամբողջ տարածքի պատշաճ պահպանութիւնը, մասնագիտական ամբողջական ուսումնասիրման ու հանրահռչակման հնարաւորութիւնը, զբօսաշրջային երթուղիներուն մէջ արգելոցի տարածքի ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ պետական նիւթական օժանդակութեան առաւել արդիւնաւէտ օգտագործումը: