Տերսիմի արեւիներու հաւատքին համաձայն, Մարտ ամսուան առաջին երեք Չորեքշաբթիները կը կոչուին «Սեւ Չորեքշաբթի» եւ յատուկ իմաստ կը կրեն։ Դարերով շարունակուող այս աւանդոյթը գարնան գալուստը կ’ազդարարէ։ Այս օրերուն արեւիներն իրենց տուներուն ու սրբավայրերուն մէջ մոմ կը վառեն, մատաղ կ’ընեն եւ ծիսական քաղցրաւենիք կը բաժնեն։ Այս ծէսերով տերսիմցի արեւիները կը ցանկան, որ տարին բարի ըլլայ, չար ուժերը՝ վտարուին։

Բազմաթիւ արեւիներ Մարտի 29-ին՝ վերջին «Սեւ Չորեքշաբթի» օրը, հաւաքուած էին Տերսիմի Փիւլումուր եւ Մնձուր գետերու միախառնման տեղը, իրենց խօսքով՝ Կոլա Չեթու կոչուող սրբավայրը, ուր մոմեր վառեցին եւ տօնական քաղցրաւենիք բաժնեցին հաւաքուածներուն։ 

Արեւի քաղաքացիներէն մէկն այսպէս ներկայացուց. «Մարտ ամսուայ Չորեքշաբթի օրերը կու գանք այս սրբավայրը՝ աղօթելու։ Մարտի չորրորդ շաբաթը բնութիւնը կ’արթննայ, եղանակը կը տաքնայ, որ ալ կը խորհրդանշէ գարնան մուտքը։ Արեւի հաւատացեալները կու գան այստեղ վառելու իրենց կանթեղներն ու մոմերը, աղօթելու, մատաղ ընելու, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ երկրպագելու համար։ Այստեղ երկու գետի ջուրերը կը խառնուին իրար։ Ի հարկէ, անցեալին այս վայրը աւելի գեղեցիկ էր։ Յետոյ ջրամբարներ կառուցեցին եւ հոսող ջուրը վերածուեցաւ լճակի»։

Արեւմտեան Հայաստանի Պետական հեռուստակայանն արդէն աւանդոյթ դարձուցած է  հեղինակային յօդուածաշարով (Աշխէն Վիրաբեան) լուսաբանել Արեւմտեան Հայաստան ապրող բնիկ ցեղերու ծագումնաբանութիւնն ու ձուլման վտանգներուն հետ կապուած հարցերը: Տերսիմի արեւիներու «Սեւ Չորեքշաբթի»ին աւանդոյթը կը վկայէ, որ անոնք հայկական ցեղին կը պատկանին, որոնք անկախ բռնի իսլամացուելու հանգամանքէն, կը պահպանեն նախնիներու հայկական սովորութիւնները: Այս աւանդոյթն իր արմատներով կը հասնի նախաքրիստոնէական շրջան, երբ բոլոր հայերն արեւի էին եւ Մարտի վերջը կը տօնէին բնութեան զարթօնքը, որ քրիստոնէութենէն ետք համընկաւ Սուրբ Զատիկի տօնակատարութեան  Ճրագալոյսի արարողութեան հետ: Յաջորդ աւանդոյթներուն պիտի անդրադառնանք ըստ տօնացոյցի: