
Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ շրջակայ միջավայրի, կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող 77 կազմակերպութիւններ ու արհմիութիւններ գրաւոր յայտարարութիւն տարածած են երկրաշարժէն ետք քիմիական նիւթերու վտանգի մասին։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ պէտք է պաշտպանել բնութիւնն ու մարդոց առողջութիւնը՝ յատկապէս, երկրաշարժէն ետք կատարուող քանդման աշխատանքներուն մէջ առկայ ասբեստի վտանգէն։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ քանդման ու շինարարական աղբը հեռացնելու ժամանակ քիմիական նիւթերը խառնուած են օդին, հողին եւ ջուրին հետ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած պահանջները հետեւեալն են.
* Գոյացած շինարարական աղբը պէտք է թափի բացառապէս յատուկ նշանակուած տարածքներու մէջ, հակառակ պարագային անյապաղ պէտք է դադրեցուին քանդման աշխատանքները:
* Հանրութեան պէտք է տրամադրուի զեկոյց՝ քանդուած եւ վնասուած տուներուն մէջ ասբեստի եւ այլ վտանգաւոր նիւթերու առկայութեան մասին:
* Ասբեստ եւ վտանգաւոր այլ քիմիական նիւթեր պարունակող շինարարական աղբը պէտք է առանձնացուի եւ հեռացուի յատուկ մշակուած մեթոտներով եւ պահպանուի այնպէս, որ անկէ չվտանգուի մարդոց կենսունակութիւնը:
* Պէտք է ստեղծուի թափանցիկ համատեղ համակարգում՝ ներգրաւելով պատասխանատու մարմինները, յատկապէս՝ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը, բնապահպանական կազմակերպութիւնները, արհմիութիւնները: