
Պաքուի ահաբեկչական իշխանութիւնները Մարտի 30-ի գիշերը փակած են Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ, կը յայտնէ Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը:
«Արդէն պատրաստ է փակուած ճանապարհը շրջանցող՝ Սիւնիք մարզի Տեղ-Կոռնիձոր ցամաքային նոր ճանապարհը, որ կը միանայ 2022թ. Օգոստոսին շահագործման յանձնուած նոր՝ Կոռնիձոր-Հին շէն ճանապարհին: Տեղ-Կոռնիձոր նշուած ճանապարհի ծածկութապատման աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ընթացքի մէջ են։
Տեղ-Կոռնիձոր ցամաքային ճանապարհը երթեւեկելի է, եւ, հաշուի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, անով հնարաւոր է իրականացնել Արցախի մարդասիրական մատակարարումները ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ: Այդ ճանապարհը Արցախի Հանրապետութեան սահմանին՝ Հակարի գետի կամուրջին մօտ կը վերահսկուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս անդրադարձած է Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ բռնազաւթուած հայկական տարածքներու հարցին եւ անոր կողմէ տարուող ցեղասպան քաղաքականութեան: Մայրուղիի փակումը անոր վառ դրսեւորումներէն է: Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնն՝ ի դէմս նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի, արդէն դիմած է միջազգային կառոյցներուն՝ պահանջելով յետամուտ ըլլալ իրենց կողմէ ընդունուած որոշումներուն: