Պաքուի իշխանութիւններուն  կողմէ Արցախի լիակատար շրջափակման պատճառով կտրուած է Շուշի շրջանի Լիսագոր համայնքի ճանապարհային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ, որուն պատճառով «Ջրամատակարարում» ՓԲ ընկերութեան մասնագէտները չեն կրնար լուծել գիւղի ոռոգման ու խմելու ջուրի հարցը։

«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Լիսագորի համայնքապետ Գագիկ Նասիբեան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ ատրպէյճանցիներու կողմէ ճանապարհի փակուիլը ոռոգման ու խմելու ջուրի մատակարարման ուղղութեամբ լայնածաւալ աշխատանքներ  իրականացուած են, բայց քանի որ անոնք չէին աւարտած, այս պահու դրութեամբ ջուրի խնդիրը կը շարունակէ առաջնահերթ մնալ։

«Այն աւելի լուրջ է, քան գիւղին՝ թշնամիին վերահսկողութեան տակ գտնուիլը, որովհետեւ մարդիկ հողը մշակելով կրնան գոյատեւել։ Տնամերձ հողամասերը կը մշակուին, բայց ջուր չկայ, որպէսզի ոռոգուին։ Արդէն հասցուցած ենք որոշ մշակաբոյսեր ցանել»,- ըսած է Գ. Նասիբեան։

Համայնքապետը նշած է, որ բնակիչները հաստատակամ են, չեն ընկրկիր ու կը շարունակեն իրենց տքնաջան աշխատանքով շէն պահել գիւղը։

«Միայն թէ խաղաղութիւն ըլլայ, բոլոր մտահոգութիւնները յաղթահարուին, մենք ալ շարունակենք աւելի մեծ նուիրումով արարել մեր հայրենիքին մէջ»,- ընդհանրացուցած է Գագիկ Նասիբեան:Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնն  Արցախի վերաբերեալ իր ընդունած օրէնքով ամրագրած է, որ Արցախ ինքնավար մարզ է, որ ունի ինքնակառավարման իր սեփական մարմինները: Մենք կը յարգենք Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութիւնն ու պատրաստ  ենք որեւէ օգնութիւն ցուցաբերել մեր բնիկ ժողովուրդին: Անհրաժեշտութեան պարագային Արցախի ժողովուրդին կողմէ առաջին իսկ կանչի պարագային՝ մենք, որ  միշտ կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման, անյապաղ պիտի հասնինք օգնութեան: