
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Ազատ Եղիազարեանի «Թումանեան եւ Իսահակեան. երկու աշխարհընկալում» գիրքը պիտի դրուի ընթերցողի սեղանին։ Գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Մարտի 31-ին, ժամը 15:00 Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ։
Գիրքը նուիրուած է Յովհ. Թումանեանի յիշատակի 100-րդ տարելիցին, այն լոյս ընծայած է «Անտարես» հրատարակչատունը։
Գիրքի խմբագիրն է Արքմենիկ Նիկողոսեան։
Ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է հայ գրականութեան երկու մեծերուն՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի ստեղծագործութեան զուգահեռ քննութեան: Կը վերլուծուին յատկապէս անոնց աշխարհընկալումներուն վերաբերող կարեւոր հարցեր: