Եղիշա Առաքեալի վանքը կը գտնուի Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ՝ Մռաւ լերան լանջին: Համալիրը տեղադրուած է դժուար հասանելի վայրի մէջ․ ճանապարհը կ’անցնի անտառներու մէջէ։ Վանքը հիւսիսէն, արեւմուտքէն եւ արեւելքէն շրջապատուած է պարիսպներով, իսկ հարաւէն բնական պատնէշ է խոր ձորը։  Համալիրն ունի երկու դարպաս, որոնցմէ գլխաւորը`  կամարակապ է եւ կը գտնուի  պարիսպի հարաւ-արեւմտեան անկիւնային հատուածին մէջ։ Վերջինիս կամարը  «նստած» է բացուածքի երկու կողմերու ճակատնոցներու վրայ։ Միւս դարպասը արեւելեան պարիսպի հիւսիսային անկիւնին կողմէն է։ Վանքին մասին կը յիշատակուի Մովսէս Կաղանկատուացիի պատմութեան մէջ, ուր  այն հանդէս կու գայ նաեւ «Ջրվշտիկ» անունով։ Ըստ պատմիչին, այստեղ ամփոփուած են Թադէոս առաքեալի աշակերտ Եղիշայի  մասունքները, որմէ ետք վանքն անուանուած է «Եղիշա առաքեալ»։  Պատմիչը կը վկայէ, որ  «Սուրբ Եղիշայի տեսիլքով յայտնաբերուած նշխարները փոխադրուեցան Ներսմիհրի սուրբ միաբանութիւնը, որ այժմ կը կոչուի Ջրվշտիկ։ Երկար ժամանակ անցնելէ ետք Աղուանքի բարեպաշտ Վաչագան թագաւորը Եղիշայի նահատակութեան փոսին վրայ յուշարձան կանգնեցուց»: Հաւանական է, որ Ջրվշտիկ անունը վանքն ստացած է համալիրի հարաւային կողմի խոր ձորին մէջ բարձրէն թափող ջրվեժէն։ Աւանդութիւնը վանքին վաղ շինութեան հիմնադրումը կը կապէ Վաչագան բարեպաշտ թագաւորին անուան հետ։