Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ատրպէյճանագէտ Գրիգորի Այվազեան ներկայացուց բռնազաւթիչ ատրպէյճանական իշխանութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքական ուղղուածութիւնը՝ ներկայ դրութեամբ։ Անդրադարձ կատարեց  Բերձորի ճանապարհի փակուելուն պատճառով Արցախի մէջ առաջացած մարդասիրական ճգնաժամին, տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ հնչեցուած կոչերուն եւ որոշումներուն, ինչպէս նաեւ  անոնց իրագործելութեան հաւանականութեան։ Ատրպէյճանագէտը մանրամասն ներկայացուց այն քաղաքականութիւնը, որ այժմ կը վարէ Պաքու եւ այն վտանգները, որոնք կրնան սպասուիլ, հաշուի առնելով Պաքուի բռնապետի վերջին յայտարարութիւնները՝ Սիւնիքին վերաբերեալ։