«Ակօս» շաբաթաթերթը հրապարակած է Տերսիմի կոտորածի ժամանակաշրջանին պատկանող կարեւոր փաստաթուղթ մը, որ կը ներկայացնէ այն ժամանակուան Ներքին գործոց փոխնախարար Շիւքրու Քայայի կողմէ հրամանատար Ապտուլլահ Ալփտողանին ուղարկուած նամակը։ Նամակին մէջ նշուած է, որ թունաւոր կազի հրամանը տուած են այն ժամանակուայ նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք եւ վարչապետ Իսմէթ Ինիոնիու։ Քայա իր նամակին մէջ Ապտուլլահ Ալփտողանին կ’ըսէ նաեւ՝ «Այդ բոլոր աւազակները թաղեցէ՛ք քարանձաւներու մէջ, որ  այլեւս չվերակենդանանան»։ 

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուին նաեւ թունաւոր կազի մատակարարման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթեր։

Այն, որ Տերսիմի ջարդերու ժամանակ թունաւոր կազ օգտագործուած է, յայտնի փաստ է։ 

Անցնող տարիներուն հրապարակուած են նաեւ արխիւային որոշ փաստաթուղթեր՝ Տերսիմի ջարդերուն ժամանակ թունաւոր կազի օգտագործման եւ  այդ կազերը գերմանացիներէն գնելու իրողութեան մասին։ Փաստաթուղթերը հրապարակած է «Տերսիմ» թերթը։ 

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ անդրադարձած է թրքական իշխանութիւններու բնաջնջման քաղաքականութեան Արեւմտեան Հայաստան բնակող հայերու եւ տեղաբնիկ ժողովուրդներուն նկատմամբ։ Տերսիմցիները եւ անոր բնիկները, ինչպէս արդէն նշեցինք, գիտեն իրենց հայկական ծագումը։ Բռնազաւթիչ իշխանութիւնները հարիւրաւոր տարիներ շարունակ մարդասպան քաղաքականութիւն վարած են՝ մինչեւ 1936թ. Տերսիմի մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ նպատակ ունենալով վերջնականապէս ազատիլ հայկական ներկայութենէն, բայց ինչպէս միշտ սխալեցան: