
Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են. պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարք մը հարցերու շուրջ:
Այս վերտառութեամբ լրատուական էջերուն յայտնուեցան բազմաթիւ յօդուածներ։
«Քննարկուած են Արցախի շրջափակման վերացման, բնական կազի եւ ելեկտրականութեան կայուն ու անխափան մատակարարման վերաբերող հարցեր» յայտնած են Արցախի նախագահի գրասենեակէն եւ չէ յայտնուած, թէ որոնք են բանակցողները։
https://www.azatutyun.am/a/32287883.html
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը, հաշուի առնելով իրենց իսկ կողմէ ընդունուած օրէնքը՝ Արցախի մասին․
տես յղումը՝ https://westernarmeniatv.com/88361
Կը յայտարարէ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Սահմանադրութեան հակասող որեւէ պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական համաձայնագիր կը համարուի անվաւեր, քանի որ Արցախի տարածքը կը հանդիսանայ Արեւմտեան Հայաստանի (Հայաստանի) տարածքի անբաժանելի մասը՝ համաձայն 1920 թուականի Յունուարի 19-ին տէ ֆաքթօ եւ 1920 թուականի Մայիսի 11-ին տէ եուրէ ճանաչցուած Հայաստան պետութեան՝ ներառեալ Արցախը:
www.westernarmenia.eu/stat.gov.wa/arm/2017/Arevmdyan_Hayasdani_Hanrabedoutyan_Sahmanadroutyoun-09.05.2016.pdf