
Մարտի 26-ին Անդրանիկ Աբրահամեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Վոլքս-ան-Վելեն քաղաքին մէջ կայացած ծանրամարտի Օվերն-Ռոն-Ալպեր առաջնութեան։ Մեծահասակներու 67քկ քաշային կարգին մէջ հանդէս գալով Սթատ Քլերմոնթուա խումբի կազմին մէջ՝ ան պոկում վարժութեան մէջ 110քկ եւ հրում վարժութեան մէջ 130քկ արդիւնքով գրաւեց առաջին տեղը։ Ընդհանուր 240քկ քաշը թոյլ պիտի տայ անոր մասնակցիլ Ֆրանսայի արհեստավարժներու առաջնութեան, որ պիտի կայանայ Մայիսի 27-ին Վոլքս-ան-Վելենում:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը շնորհաւորէ երիտասարդ մարզիկին եւ կը մաղթէ նորանոր յաղթանակներ։