Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թրքական կառավարութեան Շրջակայ միջավայրի եւ  քաղաքաշինութեան նախարարութեան հաստատմամբ «Ընդունելութեան կեդրոն» անուան տակ շինութիւն կառուցուած է Դարա հնագոյն քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Մարտին նահանգի Արթուկլու գաւառին մէջ եւ թուագրուած է Ն.Ք. 500 թուականին։ 

Նախարարութիւնը շէնքի կառուցման համար  «Մարտինի Դարա քաղաքի աւերակներու այցելուներու ընդունելութեան կեդրոն» անուան տակ մրցոյթ կազմակերպուած էր։ Պատմական եւ պահպանուող տարածք յայտարարուած տարածքին մէջ կառուցուած կառոյցը  այցելուներու շրջանին մէջ բացասական արձագանգ առաջացուցած է։ Նշուած տարածքին եւ   պատմական ժայռափոր դամբարաններուն մէջ բացի քարաշէն կառոյցէն, կանաչապատման անուան տակ կ’օգտագործուին նաեւ սալաքարեր։

Արձագանգելով պատմական տարածքին մէջ կիրառուող գործելաոճին՝ Ճարտարապետներու պալատի Մարտինի մասնաճիւղը գրաւոր յայտարարութիւն  հրապարակած է. «Պատմական քաղաքը գրեթէ ձգուած է բախտի քմահաճոյքին։ Առաջին աստիճանի պահպանուող հնավայր յայտարարուած քաղաքին մէջ պատմութեան եւ մշակոյթի հետ անհամատեղելի կառոյցը կը հակասէ հնագիտական ​​վայրերու համար գիտականօրէն մշակուած կանոններուն, ինչպէս նաեւ կը ստուերէ քաղաքի պատմութիւնը։ Այս իրավիճակով լրջօրէն անհանգիստ են նաեւ հնագոյն քաղաքի մօտակայ բնակավայրերու բնակիչները եւ այցելուները»։Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը մշտադիտարկում  կ’իրականացնեն Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան մէջ առկայ բոլոր պատմամշակութային արժէք ներկայացնող շինութիւններու եւ բնական արժէքներու նկատմամբ: Այս հարցի ուսումնասիրութիւնը եւս պիտի ներառուի   օրակարգ եւ գրանցելով առկայ խախտումներն  ու այնտեղ ապրող բնիկներու բողոքները`  զեկուցագիրով պիտի դիմեն պատկան մարմիններուն: