
Թբիլիսիին Մթածմինդա թաղամասի Ռիցա փողոցի թիւ 10-ին մէջ գտնուող, նախկին թիւ 44 հանրային դպրոցի տարածքին վրայ անցկացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած են հայկական գրութեամբ տապանաքարերու մասունքներ, որոնք օգտագործուած են որպէս դպրոցի աստիճան։ Որոշ քարերու վրայ գրութիւնները լաւ պահպանուած են:
Հասարակական գործիչ՝ Լեւոն Չիդիլեանը, որը քանի օր մը ուսումնասիրած է գտնուած մասունքները, կը կարծէ, որ ատ տապանաքարերը 1930-ականներուն
կոմունիստական «Կարմիր տեռորի» ժամանակ ոչնչացուած Թիֆլիսի գլխաւոր
հայկական «Խոջիվանք»-ի գերեզմանոցի տապանաքարերն են, որոնք օգտագործուած
են որպէս շինանիւթ:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը ցաւով կը նշէ, որ մեր հարեւան վրացի ժողովուրդը նման բարբարոս քաղաքականութիւն կը դրսեւորէ հայկական մշակոյթի յանդէպ: Հայերը որտեղ ալ որ բնակուած են, մշտապէս մասնակցած են ատ պետութիւններու տնտեսական, գիտական եւ մշակութային հզորացման գործին:
Վրաստան բացառութիւն չէ եւ հայերը շատ մեծ ներդրում ունին ատ պետութեան կայացման գործին մէջ:
Ցաւալի է, բայց նոյն բանը կը կատարուի նաեւ Ջաւախքին պատմամշակութային արժէքներու յանդէպ: Լիահոյս ենք, որ աս քաղաքականությիւնը չի վերածուի Նախիջեւանի հուշարձաններու յանդէպ կիրառուած Բաքուի իշխանութիւններու բարբարոսութիւններու շղթայի եւ ստիպուած չենք ըլլա՝ ինչպէս Նախիջեւանի պարագային, դիմելու միջազգային դատարան:

