ՅՈւՆԵՍԿՕ-ի Գործադիր խորհրդի մայիս 18-ի միաձայն որոշմամբ՝ Կօմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածուն գրանցուած է Աշխարհի հիշողութեան միջազգային ցուցիչին մէջ ։ 

«Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ Աշխարհի հիշողութեան միջազգային ցուցիչին մէջ գրանցուած Մեսրօպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրնե­րու հաւաքածուի, աստղագէտ Բէնիամին Մարգարեանի գալակտիկաներու մասին ուսումնասիրութեան (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւն) եւ երգահան Արամ Խաչատրյանի ձեռագիր նոտաներու եւ կինոերաժշտութեան հաւաքածուի կողքին իւր արժանի տեղն է գտել հայկական չորրորդ փաստագրական ժառանգությունը։

Աշխարհի հիշողութեան միջազգային ռեգիստրը փաստագրական ժառանգութեան ցանկ է, որուն մէջ ընդգրկուած են այն փաստաթղթերը, ձեռագիրները, տեսահնչիւնային նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածուներն ու արխիւները, որոնք ճանաչուած են որպէս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ վկայագրուելու են ու պահպանուին մարդկութեան համար:

Leave a Reply